2014-05-12 08:48:20

«Մենք ոչինչ ունինք բանակցութիւններու սեղանին շուրջ ներկայացնելու` բացի թափանցիկութենէն», ըսած է Ռուհանի:


«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարած է, որ Իրան պատրաստ է հիւլէական թղթածրարին շուրջ «վեցեակ»-ին հետ նախատեսուած բանակցութիւններուն մէջ ցուցաբերել անկեղծութիւն:
«Մենք ոչինչ ունինք բանակցութիւններու սեղանին շուրջ ներկայացնելու` բացի թափանցիկութենէն», ըսած է Ռուհանի:
«Վեցեակ»-ի (Ռուսիա, Բրիտանիա, Գերմանիա, Չինաստան, Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա) եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններու 4-րդ փուլը տեղի պիտի ունենայ Վիեննայի մէջ 13-16 մայիսին:
Միւս կողմէ, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի վստահեցուց, որ «իրանեան հրթիռային ծրագիրը սանձել նախատեսելը թշնամիին համար անմտութիւն պիտի ըլլայ»: Ան կոչ ուղղեց «երկրին կարիքները եւ հիւլէական բանակցութիւններուն մէջ պարտադրուած պատժամիջոցները իրարու չկապելու»:
Խամենէի Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի օդատիեզերական ուժերու հրամանատարութեան կեդրոն իր այցելութեան ընթացքին հրամայեց մեծ քանակութեամբ հրթիռներ արտադրել:








All the contents on this site are copyrighted ©.